2016-07-04 10:13:00

Լոնտոնի մէջ տասնեակ հազարներու մասնակցութեամբ քայլարշաւ` ընդդէմ «Պրեքզիթ»-ի


Շաբաթ 2 յուլիս 2016-ին, Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ քայլարշաւ մը կատարեցին` բողոքելով իրենց երկրին` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն դէմ: Շատեր կը կրեն Եւրոպական Միութեան դրօշը եւ բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ «Ես Եւրոպական Միութեան հետ եմ»-ի նման կարգախօսներ գրուած էին:

Լոնտոն քաղաքը անցեալ Շաբաթ երկրին` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ հանրաքուէի ընթացքին մեծամասնութեամբ միութենէն դուրս գալուն դէմ քուէարկած էր: Անգլիոյ եւ Կալեսի մեծամասնութիւնը քուէարկեց յօգուտ միութենէն դուրս գալուն` «Պրեքզիթ»-ի, իսկ Սկովտիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ քուէարկողներուն մեծամասնութիւնը ուզեցին պահպանել անդամակցութիւնը:

Ցուցարարներուն մեծամասնութիւնը երիտասարդ չափահասներ էին, որոնք մտահոգուած են իրենց ապագայով եւ կը նշեն, թէ «Պրեքզիթ»-ի ի նպաստ արշաւը հիմնուած է սուտերու վրայ: Քայլարշաւի մասնակիցները հանրաքուէի հրաւէր ուղղելով Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնին` անոր գրասենեակին առջեւ կանգ առնելով բացագանչեցին. «Ամօթ քեզի»:

Աւելի քան 4 միլիոն քաղաքացիներ ստորագրած են երկրորդ հանրաքուէի մը պահանջով դիմում մը` նշելով, որ քուէներու համեմատութեան տարբերութիւնը շատ փոքր է:

Նշենք, որ չորեքշաբթի օր եւս Լոնտոնի Թրաֆալկար հրապարակին վրայ «Պրեքզիթ»-ի դէմ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցած էր:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.